1 (15) Շէն-Մահ
Մենք գեղեցիկ էակներէն կ՚ակնկալենք որ բազմանան,
Եւ այդպէսով գեղեցիկին վարդը երբեք որ չը մեռնի․
Հասունացածը եթէ իսկ Ժամանակին պիտ՚ մահանայ,
Ազնըւածին իր ժառանգորդն գոնէ կըրէ յիշատակն իր։
Բայց դուն այսպէս սիրով կապուած քու իսկ պայծառ աչքերուն հետ,
Բոցը լոյսիդ կը հըրահրես քու ինքնութեանըդ քարիւղով,
Ամէն կողմ սով տարածելով՝ առատութիւն ուր կը տիրէ,
Ինքըդ քեզի դուն թշնամի քաղցր ինքնութեանդ դէմ անգութ։
Եւ հիմա դուն որ աշխարհի նորագույն զարդն ես պաշտելի,
Նախաձայնող, պատգամաբեր գարնան շըքեղ գեղեցկութեան,
Քու իսկ ծիլին մէջ կը թաղես քու ինքնութիւնըդ գոհունակ,
Եւ, սիրազեղ դուն գեղջկուհի, զայն կը վատնես իբրեւ կծծի։
Բայց մեղքըցիր դուն աշխարհին, կամ այլապէս անկուշտն եղիր՝
Լափելու ինչ որ աշխարհին կը պատկանի՝ գերեզմանինդ
Եւ քու ձեքով։
Order:
4