2 (16) Շէն-Մահ

Յօնքդ ու ճակատըդ երբ քառսուն ցուրտ ձըմեռներ պաշարեն,
Գեղեցքկութեանըդ դաշտին մէջ խոր ակօսներ փորելով,
Երիտասարդ պերճանքդ հպարտ, ուր կը յառի ամէն աչք,
Իբրեւ խլեակ մը անարժէք մէկ կողմ պիտի նա նետուի։
Այն ատեն երբ հարցնեն՝ ո՞ւր է գեղեցկութիւնըդ ամբողջ,
Ո՞ւր է նաեւ գանձը աշխոյժ ու կորովի օրերուդ,
Ըսել՝ այնտե՜ղ, թաղուծ մէջն է խոր ընկղմած աչքերուդ,
Պիտի լինէր կրծող ամօթ, եւ անխորհուրդ գովասանք։
Մինչ մեծ գովքի ալ աժանի պիտի դառնար գործածուիլն
Գեղեցկութեանդ, թէ պատասխան տայիր այսպէս․ «Գեղեցիկ 
Զաւակն իմ այս, պիտի հաշիւն իմ փակէ, իմ ծերութեան պատճառով»,
Հաստատելով գեղեցկութիւննն իր՝ իբր ժառանգ քու գեղիդ։

Այսպէս պիտի նորոգուէիր, ծերանայիր երբոր դուն,
Արիւնդ տա՛ք պիտ՚ տեսնէիր՝ երբ զայն դուն պաղ ըզգայիր։ 

Order: 
4